2017-10-17 09:46:00

Արիշի մէջ դրամատուն մը եւ եկեղեցի մը` յարձակման թիրախ


Եգիպտոսի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Սինայի թերակղզին երէկ դարձեալ թիրախ դարձաւ զինեալ  յարձակումի, երբ անծանօթներ կրակ բացին հիւսիսային Սինայի նահանգի մայրաքաղաք Արիշի կեդրոնը գտնուող «Ահլի» դրամատան եւ անոր կից Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ ապահովութեան հսկող պահակագունդի մը ուղղութեամբ:

«Պի.Պի.Սի.»-ի համաձայն, վերջին երկու օրերուն ընթացքին պատահած այս երկրորդ յարձակումին զոհ գացին վեց հոգի, որոնցմէ չորսը ոստիկաններ էին, իսկ 17 ուրիշներ վիրաւորուեցան: Նշենք, որ «Ահլի» դրամատունը նախապէս փակած էր քաղաքին մէջ գործող իր բոլոր մասնաճիւղերը:

Յայտնենք նաեւ, որ եգիպտական բանակն ու ապահովութեան ուժեր տարիներէ ի վեր լայնատարած յարձակումի ձեռնարկած են` վերջ տալու համար Սինայի թերակղզիին մէջ գործող զինեալ խմբակներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.